2014-05-27 14:04:51

Ֆրանչիսկոս Պապը շնորհակալութիւն յայտնեց Աստուածամօր` Սուրբ Երկիր կատարած ուխտագնացութեան աւարտին։


Երեքշաբթի, 27 Մայիս 2014-ի առաւօտեան ժամը 11-ին, Ֆրանչիսկոս Սրբազան Քահանայապետը ուղղուեցաւ Հռոմի Սանթա Մարիա Մաճճորէ` Տիրամօր նուիրուած պազիլիքա շնորհակալութիւն յայտնելու Տիրամօր` Սուրբ Երկրի ուխտագնացութեան յաջողութեան համար ու անոր հովանիին յանձնելու սոյն ուխտագնացութենէն քաղուած պտուղները։
Սանթա Մարիա Մաճճորէ Պազիլիքայի առաջնորդ` Կարտինալ Սանդոս Ապրիլ Ի Քասդիլիօ` յայտնեց թէ Ֆրանչիսկոս Պապը փունջ մը ծաղիկ զետեղեց Աստուածամօր Սրբապատկերին տակ ու ապա ամփոփումով աղօթեց։ Այցելութիւնը տեւեց 30 վայրկեան։ Այս իններորդ անգամն է որ Ֆրանչիսկոս Պապը կ՛այցելէ Տիրամօր նուիրուած պազիլիքան, իր Քահանայապետութեան շրջանի սկիզբէն ի վեր։








All the contents on this site are copyrighted ©.